2012-07-10 12:51:42

<<Օգթավա Տիէս>> Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը`
Տիեզերական Ժողովի Կենդանի Յիշատակը։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի յիշատակին որուն աշխատանքներու սկիզբի 50րդ տարեդարձը պիտի նշուի այս տարի։

Ներշնչուելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 9 յուլիս 2012-ին Նէմիի Բանն Աստուծոյ անուամբ միաբանութեան Տան կատարած այցելութենէն, Հայր Լոմպարտին յիշեցնել կու տայ թէ այդ նոյն վայրին մէջ - այսինքն Նէմիի Բանն Աստուծոյ Միաբանութեան կեդրոնի մէջ- 1965ին, երբեմնի երիտասարդ Աստուածաբան Ռացինկէրը մասնակցած էր Աստուածաբանական հաւաքներու Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի վաւերաթուղթերու պատրաստութեան համար։

Իր խմբագրականին մէջ Ռատիովատիկանի տնօրէնը կ՛անդրադառնայ նաեւ Կարտինալ Թուչիի ասուլիսի մը որուն ընթացքին ծիրանաւորը նշած էր նման դրուագ մը, այս անգամ հայող` երիտասարդ Վոյթիլա եպիսկոպոսին, որ Արիչչայի մէջ մասնկացած էր ուրիշ հաւաքի մը պատրաստելու համար “Gaudium et spes” շրաջաբերականը։

Հայր Լոմպարտին դիտել կու տայ թէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի մասնակցող վերապրողնեներու ցանկը կազմուած է այսօր 30 հոգիներէ, անոնց վկայութիւնները որակելով որպէս <<յուզումնալից առիթներ>> ։

Հայր Լոմպարտին ի վերջոյ յոյս կը յայտնէ որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի 50րդ տարեդարձը, որ պիտի նշուի յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին, վերապրեցնէ Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեան միջավայրը ու կը բաղձայ որ վաւերաթուղթերու վերընթերցումը կատարուի բարեփոխումի շարունակականութեան հոգիով որ Տէրը մեզի պարգեւեց եւ որ օրէ օր կ՛աճի ու կը զարգանայ մնալով միշտ նոյն Աստուծոյ ճանապարհորդ եկեղեցին >>։








All the contents on this site are copyrighted ©.